ՌՈՒԲԷՆ ՍԵԻԱԿԸ ԵԱՆԻԻՆ’
Ռուբէն Սեւակը (Ռուբէն Չիլինկիրեան, 1885- 1915) գերմանուհի Եաննի Ապպելի (1890-1967) հետ ծանօթացել է 1907 թ. շուելցարական լեռնային ամառանոց’ Շամբերիում: Ամուսանցել են 1910 թ.: Մինչ ամուսնութիւնը եւ հետագայում Ռ. Սեւակը բազում նամակներ է գրել Եաննիին, որոնց չընչին մասն ենք միայն տպագրում: Եաննի Սեսակը եղել է յայտնի դերասանուհի, ֆրանսերէն լեզուով տպագրել է բանաստեղծութիւնների մի քանի ժողովածուներ:
Սիրելիս, պաշտելի նշանածս, Աճա ստացալ մեծ կարեւորութիւն ունեցող նամակդ: Զեմ ուզեր բացէ ի բաց գրել քեզի, դուն արդէն գիտես իմ պատասխանս, քանզի քաջ ծանօթ ես բոլոր մտքերուս, Լա լսէ, Եաննի: Ես երբեք հին գլուխ մէկը չեմ, շատ կը սիրեմ թատրոնը, բայց պիտի չուզէի, որ իմ կինս նուիրուէր այդ կեանքին Ծատ լաւ կը հասկնամ, որ ամէն մէկն իր կոչումն ունի եւ իր տաղանդը, մարդ կամ արուեստագէտ կը ծնի, կամ վաճառական: Բայց արուես. տագէտ ըսելով, միայն դերասան չենք ճասկնար. արուեստագէտ է բանաստեղծը, արուեստագէտ է քանդակագործը, արուեստագէտ երաժիշտը, նկարիչը, երգիչը եւ այլն: Իսկ դուն արոլեստագէտի այս բոլոր ձիրքերը միաժամանակ ունիս, շատ լա կրնաս խորունկ բանաստեղծ ըլլալ, ճմուտ քանդակագործ, ճոչակաւոր երաժիշտ կամ վարպետ երգչուճի: Դու արուեստի ասպարէզին վերաբերող ամէն բանի ձիրք ունիս: Սակայն երբ կուզես երեսիս պոռալ, թէ դուն միայն դերասանուճիին ձիրք ունիս, այն ժամանակ ես կը պատասխանեմ քեզի, թէ չարաչար կը սխալիս. Ոչ, բնաւ չէի ուզեր հաւատալ ատոր: Ես քեզ աւելի լաւ կճանչնամ, քան դուն: Գիտեմ քու խորութիւններդ, սրտիդ խորշերը, գաղտնիքները, մթութիւններդ. ես քեզ կատարելապէս կը ճանչնամ, Եաննիս:
Շատ կուզեմ, որ դուն թատերական արտասովոր հակումներ ունենաս: Ես իրօք մեծապէս հիացած եմ, որ դուն շատ-շատ բան կը հասկճաս թատրոնէն եւ գիտես մշտօրէն քննադատել: Ասիկա ցոյց կուտայ ինծի, որ դուն բնաւ սովորական աղջիկ մը չես: Եւ ասիկա ուրիշ ոչինչ ցոյց կուտայ:
Այո, ես թատրոն շատ կը սիրեմ եւ շատ յաճախ կերթամ թատրոն: Երբեք չեմ մտածած դերասան ըլալու մասին… Եւ եթէ դուն ալ թատրոն շատ կը սիրես, քեզի կմնայ աւելի յաճախ երթալ: Եւ լմնցաւ-գնաց.
Բացի անկէ, անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, թէ դուն արուեստի ասպարէզին վերաբերող ամէն բանի ձիրք ունիս, բայց դերասանուճիի’ բնաւ, բնաւ, բնա… ճշմարիտ դերասանունի է ան, որ կարտայայտէ առանց զգալու (կու- լայ առանց տխուր ըլալու, կը ծիծաղի նոյնիսկ տխուր սրտով, կը սիրէ առանց այդ մասին մտածելու), մինչդեռ դուն կարտայայտես զգալով (լալու ատեն տխուր սիրտ ունիս, ծիծաղելու ատեն’ ուրախ եւ չես կրնար սիրահար կնոջ ձեւեր առնել առանց մէկնումէկը սիրելու): Դուն բնաւ դերասանունի չես, դուն բանաստեղծ ես: Աճե թէ ինչ կուզեմ ըսել քեզի, առանց հաճոյախօսութիւններու:Յամենայնս դէպս, եթէ կը սխալիմ համոզմանս մէջ, եւ եթէ դուն իրօք կրնաս որեւէ բան արտայայտել առանց զգալու գայն (կամ վայրկենաբար զգալով), այն ժամանակ ատիկա կըլլայ շատ դաժան հարուած մը սրտիս, քանզի ես կունենամ այն ողորմելի կասկածը, թէ գուցէ ինծի համար քու բոլոր ըրածներդ ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ դերա- սանունիի մը յաերժական տեսարանը. Աւաղ, Եաննի, ինչ կընես, ինչ կընես ինծի. Երեկ Հրանտին հետ կը խօսէի դիտառրութիւններուդ մասին: Աչքերը արցունքով լեցուեցան: «ԱՐն ալ. ..»,- ըսաւ ինծի: Եւ ես չէի գիտեր’ ինչ պատասխանեմ.
Քու’ ՌՈՒԲԷՆ
Օգոստոս 20, 1909 Պոլիս